2012-12-28 13:10:10

Արամ Ա. Կաթողիկոսի`Այցը Ազգային Ծերանոց


Չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն սեմին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցը: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցող միաբան հայրերը իրենց շարականներով, երգերով ու արտասանութիւններով հոգեւոր եւ ազգային ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծեցին ծերանոցին մէջ: Ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան խօսք առնելով ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը` իր շնորհակալութիւնը յայտնելով, որ Ազգային ծերանոցը միշտ մօտ եղած է վեհափառ հայրապետի սրտին:
Վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան, խնամակալութեան եւ տիկնանց միութեան կատարած մարդասիրական, ընկերային ու ազգային ծառայութիւնը եւ ըսաւ, թէ «Ազգային ծերանոցը ազգին տունն է, եւ այս տան մէջ ապրող մեր բոլոր հայրերն ու մայրերը ազգին սիրոյն եւ խնամքին ենթակայ են»: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ իր նուէրը փոխանցեց Ազգային ծերանոցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.